«Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կազմակերպութեամբ կատարուած հեռահաղորդակցութեան տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը «ՕԺԵՐՕ» եւ «ԱԼՖԱ» խումբերուն միջեւ:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ներկայ գտնուեցան աւելի քան հինգ հարիւր համակիրներ, որոնք քաջալերեցին իրենց կազմերը:
Յաղթական հռչակուեցաւ «Օժերօ»-ի խումբը, որ արձանագրեց 49-44 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աւարտականի այս մրցումին ներկայ գտնուեցան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ` Աքրամ Հալապի, «ՕԺԵՐՕ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ, «ԱԼՖԱ»-ի ընդհանուր տնօրէն Մարուան Հայեք, Ռիատիի նախագահ Մազեն Թապպարա եւ Անդրանիկի նախագահ Վիգէն Չերչեան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` վերոնշեալ հինգ անձերուն ձեռամբ:
Տարբեր մրցանակներ ալ տրուեցան, ինչպէս` լաւագոյն մարզիչի, մարզիկի, ռիպաունտըրի, մարզական ոգիի, եւ այլն: