Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Շապապ Արապիի վարչութիւնը, իր գումարած մէկ ժողովին, անբաւարար գտնելով խումբին արձանագրած վերջին արդիւնքները, մանաւանդ Ահլի Նապաթիէէն եւ Սաժեսէն անոր կրած վերջին երկու պարտութիւններէն, կատարեց մարզչական փոփոխութիւն:
Ակումբը որոշեց խումբի նոր մարզիչ նշանակել Սեմի Շումը (այժմ` Գ. դասակարգէն Սփորթինկի մարզիչ), որ իրեն օգնական պիտի ունենայ Մոհամետ Թաքուշը եւ Ատնան Իթանին (վերջինս` բերդապահներու մարզիչ):
Ակումբին վարչութեան անդամները իրենց մարզիկներուն թելադրեցին, որ աւելի պատասխանատու կեցուածք որդեգրեն եւ ամէն գնով լաւ արդիւնքներ արձանագրեն` սկսելով Ահլի Սայտայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն (բաժակի մրցաշարք):