«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ հանրածանօթ անգլիացի միջնապահ Ճօ Քոլ աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
37 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբը հանդիսացաւ հարաւամերիկեան Բ. դասակարգի կազմերէն Թամփա Պէյ Ռուտիս:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ճօ Քոլ մաս կազմած է Ուեսթ Համի, Չելսիի, Լիվըրփուլի եւ Ասթոն Վիլայի:
Ան երեք անգամ հանդիսացած է Անգլիոյ ախոյեան, իսկ երեք անգամ ալ` Անգլիոյ բաժակակիր:
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 56 միջազգային մրցումի ընթացքին ան նշանակած է 10 կոլ: