Լիբանանի 23 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային խումբը Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին կայացած վիճակաձգութեան ընթացքին մաս կազմեց Դ. խմբակին:
Լիբանանի մրցակիցները պիտի ըլլան Սէուտական Արաբիա (հիւրընկալ), Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Մալտիվ:
11 խմբակներու առաջին դիրքը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն չորս խումբերը, որոնք կը գրաւեն դասաւորման երկրորդ դիրքը, կ՛ապահովեն 2020-ին Թայլենտի մէջ կատարուելիք Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսը:



