«ՖԻՖԱ»-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ ստեղծուելիք Եւրոպայի ակումբներու ֆութպոլի Սուփըր-լիկային մասնակցող խումբերուն ֆութպոլիստներուն պիտի արգիլուի մասնակցիլ Եւրոպայի եւ աշխարհի (Մոնտիալ) ախոյեանութիւններուն:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, եւրոպական 16 առաջատար ակումբներ մտադիր են 2021-ին դուրս գալ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-էն եւ ստեղծել անկախ սուփըր-լիկա:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի, Լիվըրփուլ, Արսենալ, Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա, Եուվենթուս, Ա. Սէ. Միլան, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Պայէրն Միւնիխ, որոնք պիտի ըլլան սուփըր-լիկայի հիմնադիրները, երաշխաւորուած տեղ պիտի ունենան 20 տարուան ընթացքին:
Ինթեր Միլան, Ա. Էս. Ռոմա, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Մարսէյ պիտի ըլլան հիւրի կարգավիճակին մէջ:
Մրցաշարքը պիտի ընթանայ, խմբակներու եւ փլէյ-օֆի դրութեամբ:



