Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի կ՛ունենայ Աւստրալիա – Լիբանան մրցումը` Սիտնիի ողիմպիականի դաշտին վրայ:
Այս մրցումը հրաժեշտի մրցում մը պիտի ըլլայ Աւստրալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Թիմ Քահիլի համար (38 տարեկան):
Նշենք, որ երկու կազմերն ալ 2019-ին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին:
Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Հարաւային Քորէան, մինչ Աւստրալիոյ (Բ. խմբակ) մրցակիցները պիտի ըլլան Սուրիան, Յորդանանը եւ Պաղեստինը:



