
Երէկ` երկուշաբթի, 19 նոյեմբերի կէս գիշերին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ֆիլիփեան կղզիներ մեկնեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը` կատարելու համար, յատուկ բանակում մը, առ ի պատրաստութիւն Հարաւային Քորէայի եւ Չինաստանի դէմ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն: