Սաժես Պէյրութ մարզական ակումբը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը իր բոլոր անդամները հրաւիրեց յատուկ համագումարի մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան տարբեր օրակարգերով քննարկումներ:
Համագումարը տեղի պիտի ունենայ Սաժեսի Էշրեֆիէի կեդրոնատեղիին մէջ եւ պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Ակումբին բոլոր անդամները, որոնք պիտի մասնակցին այս համագումարին, պէտք է վճարած ըլլան իրենց տարեկան անդամավճարները:


