Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ին, 2019-2020 տարեշրջանէն սկսեալ պիտի կիրարկուի «ՎԱՐ» համակարգը (կրկնապատկերի իրաւարարական օգնութեան համակարգը):
Յատուկ նիստի ընթացքին «Փրեմիեր լիկ»-ի բոլոր ակումբներն ալ կողմ քուէարկեցին այս քայլին:
Նշենք, որ այս համակարգը արդէն իսկ փորձուեցաւ Անգլիոյ բաժակի եւ լիկայի բաժակի մրցաշարքերուն ընթացքին:
Սպանիա, Գերմանիա եւ Իտալիա արդէն իսկ այս համակարգը կը կիրարկեն իրենց ախոյեանութիւններուն ընթացքին, մինչ «Փրեմիեր-լիկ»-ին նման, անիկա յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ պիտի կիրարկուի նաեւ «Չեմփիընզ-լիկ»-ի մրցաշարքին:



