Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 18 նոյեմբերին, վերոնշեալ ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 68 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու, որոնցմէ չորսը հայեր էին` Նայիրի Արնէլեան, Նիքոլա Մուրատեան, Հայկ Թէնպէլեան եւ Նանոր Արնէլեան:
14 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Նանոր Արնէլեան, իսկ տղոց 12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ երրորդ` Հայկ Թէնպէլեան:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան, առաջին դիրքը գրաւողները ստացան բաժակներ եւ յիշատակի նուէրներ, մինչ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւողները` արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներ:
Յայտնենք, որ Կազմակերպիչ ակումբին նախագահն էր Հիւսէյն Համմուտ, իսկ օրուան իրաւարարը` Էլի Հուլիշեան:




