Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ փինկ փոնկի տարիքային միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանան:
Անոր մասնակցեցան հետեւեալ վեց երկիրները` Լիբանան, Նորվեկիա, Մալթա, ՀԱՅԱՍՏԱՆ, Յորդանան եւ Կիպրոս:
15 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ 7 մետալի (4 ոսկի, 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ):
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորողներուն կարգին եղաւ նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա:



