Երէկ Երեւանի մէջ աւարտեցաւ ֆութպոլի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Փորթուգալի եւ Հոլանտայի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերը:
Հայաստան, որ առաջին մրցումին պարտուած էր Հոլանտայէն (4-0), ապա` Փորթուգալէն (5-1), երէկ կրեց իր երրորդ պարտութիւնը Գերմանիայէն: Այս պարտութիւնը եղաւ քիչ մը աւելի ծանր` 7-0 արդիւնքով:
Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կատարուած այս քառանդամ մրցաշարքին հայրենի կազմը յաջողեցաւ նշանակել միայն մէկ կոլ, մինչ իր բերդին մէջ ստացաւ… 16 կոլ:



