Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքայէլ Միքայէլեան առաջին դիրքը գրաւեց Ֆինլանտայի Սարիսելքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի վարկանշային մրցաշարքին:
10 քմ ազատ ոճի 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, 19 տարեկան Միքայէլեան յաղթեց 79,12 կէտով: Այս մրցումին մասնակցեցան 8 երկիրներէ 45 դահուկորդներ:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչ` Թադեւոս Պօղոսեան, գրաւեց 12-րդ դիրքը, իսկ Արման Մատինեան` 29-րդ:
Աղջկանց մրցաշարքին Քաթիա Գալստեան հանդիսացաւ 23-րդ:



