Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը կ՛ըլլայ 1875-ի:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ (Թանգարանի շրջան):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 20 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Էներժի – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը` Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ:
Շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի մրցումները:



