Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի ներկայացուցիչներ Արթուր Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան յաջող ելոյթներ ունեցան Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
Արթուր Թովմասեան օղակներու մրցումին գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Արթուր Դաւթեան յաջողեցաւ տիրանալ եօթը մետալի:
Ազատ վարժութեան, նժոյգի, յենացատկի եւ զոյգ-փայտի մրցումներուն ան տիրացաւ ոսկի մետալներու, բազմամարտի եւ օղակներու մէջ` արծաթ մետալներու, իսկ պտտաձողի մրցումին` պրոնզ մետալի:
Երկու մարզիկները վերջերս իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, առանց սակայն մրցանակային որեւէ դիրք գրաւել կարենալու:



