«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» կատարեց 2018 տարեշրջանի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններուն մրցանակաբաշխութիւնը:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻԱ) նախագահ Ժան Թոտ, երեսփոխան Սեմի Ֆաթֆաթ, բարձրաստիճան զինուորականներ, յատուկ հրաւիրեալներ, մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Իր խօսքին մէջ, ՖԻԱ-ի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ներկայացուցիչ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի անդամ Իմատ Լահուտ, շնորհաւորելով բոլորը յոյս յայտնեց, որ անոնք, որոնք այս տարի չկրցան մրցանակային դիրքեր գրաւել, յառաջիկայ տարի յաջողին լաւ արդիւնքներ արձանագրել:
Իսկ Թոտ խօսք առնելով ըսաւ, թէ ուրախ է Լիբանան գտնուելուն եւ այս մրցանակաբաշխութեան մասնակցելուն համար:
Անոր խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը անձնաւորութիւններու տրուեցան յատուկ յուշանուէրներ:
Ժան Թոտ կազմակերպիչ ակումբին կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց նախարար Աւետիս Կիտանեանին:
Այստեղ նշենք, որ նախքան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը, Ժան Թոտ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան մը հետ այցելեց, նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՍ.-ՌԷՅՍԻՆԿ»






