Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 14-րդ հանգրուանին, Ֆիորենթինայի բերդին մէջ իր նշանակած կոլին շնորհիւ կրկնեց ակումբին պատմութեան 61 տարի առաջուան մրցանիշը:
Ան այսպիսով հանդիսացաւ Եուվենթուսի պատմութեան երկրորդ նորեկը, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին 14 մրցումներուն կը նշանակէ 10 կոլ:
1957-1958 տարեշրջանին այդ իրագործումը կատարած էր Ճոն Չարլզ:
33 տարեկան Ռոնալտօ այս մրցումին 79-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը` փենալթիով:



