Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած Անթուան Ղըրայեպի անուան պասքեթպոլի 2018-ի տարիքային 6-րդ մրցաշարքը, որ կազմակերպուած էր «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ, հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան աւարտական մրցումները:
Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ – Սատ քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 48 խումբեր:
12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, աւարտականին Ռիատի Պէյրութ յաղթեց Պրէյզըրզին (36-26), 14 տարեկանէն վար` Ռիատի Պէյրութ Պրէյզըրզին (43-33), 16 տարեկանէն վար` Էներժի դարձեալ Պրէյզըրզին (53-32), եւ վերջապէս` 18 տարեկանէն վար, Հուփս` Պաթրունին (62-58):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը:



