Հայաստանի ներկայացուցիչ կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան հռչակուեցաւ ճատրակի վեթերաններու աշխարհի ախոյեան:
Սլովենիոյ մէջ աւարտած այս ախոյեանութիւնը ընթացաւ տարիքային երկու դասակարգերով, 50 տարեկանէն վեր եւ 65 տարեկանէն վեր:
50 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ Կարէն Մովսիսեան առաւելագոյն 11 կէտէն ապահովեց 8,5 կէտ:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Վրաստանը ներկայացնող հայազգի վեթերան Գէորգի Բագատուրով, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:



