Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 30 նոյեմբերին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրը կ՛ըլլայ Էներժիի:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
 
			


