61 տարեկան զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը հանդիսացաւ Պորուսիա Տորթմունտի պատմութեան մէջ առաջին գլխաւոր մարզիչը, որուն ղեկավարութեամբ խումբը Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի առաջին 13 հանգրուանի մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած:
Տորթմունտ ցարդ արձանագրած է 10 յաղթանակ եւ 3 հաւասարութիւն:
Անոր կազմը նախորդ շաբաթավերջին 13-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆրայպուրկին, ապահովեց տարեշրջանի իր 33-րդ կէտը եւ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:



