Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 2 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ կը մրցի Ահլի Նապաթիէի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը արձանագրել, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
 
			

