Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ տեղի ունեցաւ Էներժի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը` Պըրժ Այնթուրայի դաշտին վրայ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի յաղթանակով: Ան արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 76-22 արդիւնքով (18-4, 22-4, 22-4 եւ 14-10):
ՀՄԸՄ-էն 15-ական կէտ նշանակեցին Մեղրի Թորոսեան եւ Ազիա Պիշոփ, իսկ 13 կէտ նշանակեց Շիրին Շերիֆ: Մնացեալ կէտերը բաժնուեցան այլ մարզիկներու միջեւ:



