«Էն. Պի. Էյ.» Ճամալ Մարէյի 52 Կէտերը Եւ Եաննիսի Վիրաւորուիլը…
Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի գլխաւոր լուրերն էին Տենվըր Նակեթցի կարտ Ճամալ Մարէյի 52 կէտերը, մանաւանդ որ անոր մասնակցութիւնը մրցումէն քանի մը ժամ առաջ «կասկածելի» կը նկատուէր, թեթեւօրէն վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Ան այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (52 կէտ)` յաջողցնելով իր 25 հարուածներէն 19-ն, որոնց կարգին 10 յաջող 3 կէտնոց կողովներ` 11 փորձերէն: Տենվըր Նակեթց 135-120 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արեւելեան...




















