Փորթուգալ առաջին անգամ ըլլալով շահեցաւ ՖԻՖԱ-ի 17 տարեկանէն վար պատանիներու Մոնտիալը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Աւստրիան 1-0 արդիւնքով:
Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցած ընդլայնուած այս Մոնտիալին 48 խումբեր մասնակցեցան առաջին անգամ ըլլալով, ուր երեք եւրոպական խումբեր գրաւեցին առաջին երեք դիրքերը:
Պենֆիքայի յառաջապահ Անիսիօ Քապրալ օֆ-սայտէն խուսափելով փոխանցում մը ստացաւ եւ նշանակեց դատարկ բերդին մէջ 32-րդ վայրկեանին: Ասիկա Քապրալի 7-րդ կոլն էր այս Մոնտիալին, բայց ան 1 կոլով ետ մնաց աւստրիացի Եոհաննէս Մոզըրէն, որ շահեցաւ Ոսկի գնդակը` կոլ-սքորըրի տիտղոսը շահելէ ետք:
ՖԻՖԱ այսուհետեւ տարին անգամ մը պիտի կազմակերպէ պատանիներու այս Մոնտիալը, որ թիւ 20-ն էր պատանիներու մակարդակով:
Քաթար, որ հիւրընկալեց այս Մոնտիալը, յառաջիկայ 4 տարիներուն եւս պիտի հիւրընկալէ նոյն մրցաշարքը:
Նշենք, որ այս մրցումէն առաջ Ալեսանտրօ «Լոնիոնի 2 փենալթիներ զսպեց, եւ Իտալիա 4-2 փենալթիներու արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրազիլը` 3-րդ դիրքի մրցումին: Մրցումը աւարտած էր սպիտակ հաւասարութեամբ եւ դիմուած էր փենալթիներու` վճռելու յաղթականը:


