Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ կրցաւ 129-125 պարտութիւնը հաւասարեցնել:
Անթոնի Էտուըրտծ աւարտէն 2 երկվայրկեան առաջ կրցաւ արդիւնքը 129-ի վրայ հաւասարեցնել` պարտադրելով օվըրթայմ:
Յաւելեալ 5 վայրկեաններուն, Մինեսոթա 20-13 արդիւնքով յառաջացաւ եւ յաղթեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզին` 149-142 արդիւնքով:
Էտուըրտծ իր 44 կէտերէն 34-ն կիսախաղէն ետք նշանակեց` Փելիքընզի 15 կէտերու առաւելութիւնը նուազեցնելով:
Ասիկա Մինեսոթայի 13-րդ յաղթանակն էր, մինչ Փելիքընզ իր 19-րդ մրցումը կորսնցուց:
Պոսթըն Սելթիքս Արեւելեան շրջանի իր պատմական մրցակից Նիւ Եորք Նիքսի դէմ 123-117 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ճէյլըն Պրաուն 42 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ 12-րդ յաղթանակը արձանագրեց: Նիւ Եորք Նիքս իր 7-րդ պարտութիւնը կրեց իր 20-րդ ելոյթին: Միքալ Պրիճզ 35 կէտ նշանակեց Նիքսի հաշուոյն:
Հարիսըն Պարնզ 31 կէտ նշանակեց, եւ Սան Անթոնիէ Սփըրզ 126-119 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը: Զաք Էտի 19 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մեմֆիսի:
Սքոթի Պարնզ 28 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թորոնթօ Ռեփթըրզի, որ 121-118 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը:
Ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 124-112 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` արձանագրելով իր 21-րդ յաղթանակը` 22 մրցումներու ընթացքին:


