Կիրակի օր Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը դժուար մրցումէ մը ետք 86-83 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Քաթարի ազգային խումբէն` 2027-ի մոնտիալի զտումի Դ. խմբակի մրցումներու ծիրին մէջ:
Քանի մը օր առաջ 75-74 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տոհայի մէջ, Լիբանան դժուարութիւն ունեցաւ մանաւանդ Պրենտըն Կուտուինը կասեցնելու:
Ուաէլ Արաքժի 21 կէտ նշանակեց, մինչ Տետրիք Լոսըն 17 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց Լիբանանի ազգային խումբը բնաւ իր բնական խաղաձեւը չկրցաւ պարտադրել Քաթարի «օտարներուն»: Պէտք է ընդունիլ, որ Քաթար իր 9 մարզիկներուն մէջ միայն 1 իսկական քաթարցի ունէր, բայց Լիբանան նախապէս միշտ ալ կրցած էր գերազանցել անոնց:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Սէուտական Արաբիա, որ 81-57 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը: Ամերիկացի սէուտցի Մոհամետ Ալի Ապտուլ Ռահման 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սէուտական Արաբիոյ, որ Լիբանանի հիւրը պիտի ըլլայ յառաջիկայ 27 փետրուարին զտումի 3-րդ հանգրուանին գծով:
Նշենք, որ Ասիոյ/Ովկիանիոյ զտումի այս մրցումներու 4 խմբակներէն 3-ական խումբ պիտի անցնին յաջորդ հանգրուան, բայց Լիբանան պէտք է բարելաւէ իր խաղաոճը եւ հաւանաբար օտար մարզիկը` Մոնտիալին աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:


