Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Լիբանան 1 Կէտի Առաւելութեամբ Յաղթեց Քաթարին Եւ Վաղը Պիտի Հիւրընկալէ Զայն

November 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի իր առաջին մրցումին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը 75-74 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթարը Տոհայի մէջ:

Լուսէյլի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, Լիբանան շատ լաւ ձեւով սկսաւ Ռիատիի մարզիչ Ահմետ Ֆարրանի հետ եւ առաջին մասին 21-9 արդիւնքով յառաջացաւ: Սակայն Քաթար, որ մեծ թիւով «օտար»-ներէ կը բաղկանայ, ինքզինք գտաւ եւ 33-26 արդիւնքով մօտեցաւ Լիբանանի:

3-րդ մասին 50-43 արդիւնքով աւարտելէ ետք, 4-րդ եւ վերջին մասին Քաթար առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի անցաւ (73-74) մրցումի աւարտէն 29 երկվայրկեան առաջ:

Սաժեսի մարզիկ Եուսեֆ Խայյաթ «Եոյօ» կարեւոր 2 կէտեր նշանակեց աւարտէն 13 երկվայրկեան առաջ, եւ պէտք է ըսել, որ Լիբանանի տղաքը կրցան պաշտպանել եւ բախտաւոր գտնուեցան կէտ չստանալով Քաթարի վերջին յարձակումին` մրցումը աւարտելով 75-74 արդիւնքով:

Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Ուաէլ Արաքժի, որ 19 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Տետրիք Լոսըն (9 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) իր կարգին բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցաւ, մինչ Խայյաթ (9 կէտ եւ 6 ռիպաունտ), Սերժիօ Տարուիշ (7 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ) եւ Ժերար Հատիտեան (8 կէտ) ամբողջացուցին Լիբանանի առաջին հնգեակը: Ալի Հայտար 10 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լիբանանի:

Քաթարի լաւագոյն մարզիկն էր Ալեն Հաճիպեկովիչ (19 կէտ եւ 11 ռիպաունտ): Վաղը Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Քաթարը, Զուք Միքայէլի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ, դարձի մրցումին, ապա աւելի ուշ կը շարունակուին զտումի մրցումները (27 փետրուարին):

Նոյն խմբակին մէջ (Դ. խմբակ), Սէուտական Արաբիա 75-51 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հնդկաստանը:

Նշենք, որ Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ խումբերէն կազմուած զտումի այս մրցումներու 4 խմբակներէն 3-ական խումբեր պիտի անցնին յաջորդ հանգրուան:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստան Պարտութեամբ Սկսաւ Զտումի Իր Մրցումները

Յաջորդը

Հեծելարշաւ. «Անկախութեան Բաժակ»-ի Մրցումին Արդիւնքները

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.