Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս երկու ամիս բացակայելէ ետք Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի հիմնական կազմէն, երեքշաբթի օր վերադարձաւ եւ մասնակցեցաւ Գերմանիոյ բաժակի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումին` Զանքթ Փանուլիի դէմ:
«Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ»-ի գծով այս մրցումին Մէօնշընկլատպախ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց:
22 տարեկան Ռանոս 86-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ փոխարինելով աւստրիացի Քեւին Շթոկըրը` 5 հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով:
Հիմնական խումբ վերադառնալէ առաջ Ռանոս մաս կը կազմէր Մէօնշընկլատպախ պահեստի խումբին, ուր 4 մրցումներու ընթացքին 2 կոլ եւ 4 էսիսթ կատարած էր` տպաւորիչ ելոյթներ ցուցադրելով:


