Ուրբաթ, 12 դեկտեմբերին պիտի սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտը տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 14 դեկտեմբերին` Թաուֆիր խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին` Իժթիմահիի, Ժալիլ Քանայի, Ղատ Աֆտալի, Հորր Ամելիէի, Հարաքեթ Շապապի, Ահլի Սայտայի, եւ ինչպէս նշեցինք` Թաուֆիրի հետ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր դաշտը ընտրած է Սաֆայի դաշտը` երթի մրցումներուն համար, որոնք վերջ կը գտնեն 24 յունուարին:
Համակիրները վստահաբար պատրաստ պիտի ըլլան ներկայ գտնուելու բոլոր մրցումներուն, ո՛ւր որ ալ ըլլայ դաշտը` նկատի ունենալով, որ մրցումները եւ մրցակիցները միայն Լեռնալիբանանէն չեն:
Թաուֆիր խումբը կ՛օգտագործէ Սաֆայի դաշտը, Հորր Ամելիէ Պեքայի մէջ կը գտնուի` Մաշղարա գիւղը, Ժալիլ Քանա խումբը` հարաւի Ապպասիէ գիւղի դաշտը, Ահլի Սայտա` Մաղտուշէի մօտ Անսար շրջանի դաշտը, Ղատ Աֆտալը` Այնճարէն անդին` Մաժտել Այնճարի դաշտը, մինչ Հարաքեթ Շապապ եւ Իժթիմահի` Թրիփոլիի դաշտերը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը լրջօրէն կը պատրաստուին 14 մրցումներուն (երթուդարձ), որոնցմէ ետք անշուշտ դրական արդիւնքներով բարձրանալու Բ. դասակարգ:
Այժմ պէտք է կեդրոնանալ առաջին մրցումին վրայ Թաուֆիրի դէմ, եւ ամէն մրցում աւարտականի նման խաղալով 3 կէտերուն մասին մտածել եւ աշխատիլ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի երթի մրցումներուն յայտագիրը. (բոլոր մրցումները` ժամը 14:15-ին)
Ա. հանգրուան – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաուֆիր (14 դեկտեմբերին, Սաֆայի դաշտ)
Բ. հանգրուան – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Իժթիմահի (20 դեկտեմբերին, Սաֆայի դաշտ)
Գ. հանգրուան – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժալիլ Քանա (28 դեկտեմբերին, Սաֆայի դաշտ)
Դ. հանգրուան – Հարաքեթ Շապապ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (3 յունուարին, Թրիփոլի)
Ե. հանգրուան – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ (10 յունուարին, Սաֆայի դաշտ)
Զ. հանգրուան – Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (17 յունուարին, Անսար գիւղի դաշտ)
Է. հանգրուան – Հորր Ամելիէ – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (24 յունուարին, Մաշղարայի դաշտ)


