Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպած էր «Անկախութեան բաժակ»-ի մրցումը իր բոլոր կարգերով` Մասթըրզ, Էլիթ, աղջկանց եւ երիտասարդներու:
Մրցումը տեղի ունեցաւ Մարինա Տըպպայէի շրջանը, Կոլտըն Պիչի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին միջեւ ծովեզերեայ մայրուղիին վրայ, ներկայութեամբ երեփոխան Յակոբ Թէրզեանի, արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Եասեր Տուխիի, ֆետերասիոնի նախկին քարտուղար Ուատիհ Ապտել Նուրի, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն եւ համակիրներուն:
Աւելի քան 65 մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցումին, որուն «Էլիթ» կարգին առաջին դիրքը գրաւեց Ղազալ խումբի մարզիկ Նաֆեզ Քամալէտտին, մինչ Ապտալլա Քարաքիրա (Մազար Քֆարտեպիան) գրաւեց Բ. դիրքը, իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Ապտել Ազիզ Մանեհ գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Մասթըրզի առաջին դիրքը գրաւեց Ժան Ուեհպէ (Ալէյ), մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկներ Յակոբ Քէշիշեան եւ Ժորժ Պութրոս գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Երիտասարդներու մրցումին ախոյեան դարձաւ յորդանանցի Մոհամետ Հուժէյր, իսկ փոխախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Վաքօ Մազաքեան: Գ. դիրքը գրաւեց Ահմետ Մաշմուշի գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Աղջկանց ախոյեան դարձաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկ Թամարա Զէյն` իր ետին ձգելով Ռամոնա Խալիֆէն եւ Քարոլին Պոյաճեանը:
Հաշմանդամներու մրցումին Ահմետ Ղուլ գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Մոհամետ Աուատ եւ Ժամալ Սուսի գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:


