Քանի մը օր առաջ, ռուսական Վլատիքաւքազ եւ Խասավիուրթ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքեր` Շամիլ Ումախանովի եւ Սոսլան Անտիեւի յիշատակներուն նուիրուած:
Այս մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի մարզիկները, բայց միայն մէկ մետալով կրցան նուաճել, ուր Էրիք Հայիրեան 57 քկ կշիռի փոխախոյեան դարձաւ: Ան աւարտականին պարտութիւն կրեց Տաղստանի ներկայացուցիչ Եունուս Եավպաթիրովէն:
61 քկ կշիռի մրցումներուն ռուսահայ Տաւիտ Սեֆերեան, որ կը ներկայացնէր Կրասնոտարի Քրայ խումբը, պրոնզ մետալ շահեցաւ Սոսլան Անտիեւի յիշատակին նուիրուած մրցաշարքին:


