Լեհաստանի Պիալիսթոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոլիշ օփըն քալիպըր 2025» միջազգային մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ մարզիկ եւ Փարիզի ողիմպիական խաղերու մասնակից Էլմիրա Կարապետեան:
10 մեթր օդային ատրճանակով նշանառութեան մրցումներուն, Կարապետեան ձեռք ձգեց 242,3 կէտ` գերազանցելով երկու ուքրանացիներու կէտերը, եւ շահեցաւ ոսկի մետալ:
Աւելի կանուխ, Էլմիրա Կարապետեան Բենիկ Խլղաթեանի հետ շահած էր խառն զոյգերու արծաթ մետալը` հաստատելով Հայաստանի հաւաքականի բարձր մակարդակը:


