«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Քոնֆերենս լիկ»-ի Դ. շաբթուան մրցումներուն, Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա ակումբը Սկովտիա մեկնած էր մրցելու Ապերտինի դէմ:
45-րդ վայրկեանին Ապերտին բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Քեւին Նիւպեթի, բայց Բ. կիսախաղի 7-րդ վայրկեանին Նոայի պոսնիացի յառաջապահ Նարտին Մուլահուսէյնովիչ նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Նոա 5 կէտերով կը գրաւէ դասաւորման 23-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ ան յաղթանակ մը արձանագրած էր Ռիյեքայի (Խրուաթիա) դէմ, հաւասարութիւն` Ունիվերսետատ Քրայովայի հետ (Ռումանիա) եւ պարտութիւն կրած էր Չեխիոյ Սիկմա Օլոմուչէն (2-1):
«Չեմփիընզ լիկ»-ի նման, «Քոնֆերենս լիկ»-ի դասաւորման 1-էն 8-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին 1/8-րդ աւարտական, մինչ 9-էն 24-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներուն, որոնցմէ 8-ն` կը հասնին 1/8-րդ հանգրուան:


