Մարզական

Կռփամարտ. Գոռ Երիցեան` Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեան

Հայաստանը ներկայացնող արհեստավարժ կռփամարտիկ Գոռ Երիցեան տիրացաւ «Տապըլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան տիտղոսին: Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ իր կատարած այս մենամարտին ընթացքին, Երիցեան 2-րդ ռաունտին նաք-աութով յաղթեց Ֆիլիփինցի Ալվին Լակումպային: Հայ կռփամարտիկը արհեստավարժ կռփամարտին ընթացքին կատարեց իր 9-րդ մենամարտը եւ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը: Նոյն օրը մենամարտ մը կատարեց նաեւ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Նարեկ Աբգարեան, որ 8...

Լողարշաւ. Հայաստանի Լողորդները Մասնակցեցան Աշխարհի Ախոյեանութեան

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի լողարշաւի 14-րդ ախոյեանութեան (25 մեթրնոց լողաւազանի մէջ) իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները: Արթուր Բարսեղեան եւ Վարսենիկ Մանուչարեան հանդէս եկան 50 մեթրի ազատ եւ թիթեռնիկի լողի մրցումներուն, Վլատիմիր Մամիկոնեան` 100 մեթրի ազատ լողին, իսկ Անի Պօղոսեան` 100 եւ 200 մեթր ազատ լողի մրցումներուն: Հակառակ անոր որ անոնք այս ախոյեանութեան մրցանակային դիրքեր չգրաւեցին, սակայն Հայաստանի ազգային...

«Էն. Պի. Էյ.». Քաւալիրզ Յաղթեց Վերջին Երկվայրկեանին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Ինտիանա Փէյսըրզին, իր յաղթանակը արձանագրեց մրցումին վերջին երկվայրկեանին, կէտի մը տարբերութեամբ` 92-91 արդիւնքով: Լեպրոն Ճէյմզ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 115-110 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պրուքլին Նեթցի դաշտէն, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 36 կէտ: Նեթցէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 22 կէտ: Աթլանթա Հոքս յաղթեց Ուաշինկթըն...

Մեսսի Ստացաւ 5-րդ «Ոսկիէ Կօշիկ»-ը

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 5-րդ անգամ ըլլալով ստացաւ «ոսկիէ կօշիկ» մրցանակը, որ լաւագոյն կոլ նշանակողին կը տրուի եւրոպական մարզական պարբերաթերթերու ֆետերասիոնին կողմէ: Նախորդ տարեշրջանին, 31 տարեկան Մեսսի 36 մրցումի ընթացքին նշանակեց 34 կոլ: Ան առաջին ֆութպոլիստն է, որ 5-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:

Զլաթան Իպրահիմովիչ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը իր ակումբին` Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ, յայտնեց ամերիկեան ակումբին պաշտօնական կայքը: Այսպիսով, 37 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2019 տարեշրջանի աւարտը պիտի մնայ իր խումբին հետ: Ան մարտ 2018-ին Մանչեսթըր Եունայթըտէն տեղափոխուեցաւ Կալաքսի:

Ռէալ Մատրիտ Դժգոհ Է Սոլարիէն

Ռէալ Մատրիտ Դժգոհ Է Սոլարիէն

Սպանական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն անդրադարձաւ Ռէալ Մատրիտի արժանթինցի մարզիչ Սանթիակօ Սոլարիին` նշելով, որ ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ է անկէ: Մոսկուայի Բանակայիններէն («Չեմփիընզ լիկ») խումբին կրած 2 պարտութիւններէն ետք, ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ Սոլարի իր կազմը դաշտ ներկայացնելու մէջ սխալներ թոյլ կու տայ եւ չի կրնար լաւ ընտրութիւն կատարել: Անոր հետ Ռէալ Մատրիտ կատարեց 11 մրցում: Թէեւ խումբը արձանագրեց 9...

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ «Մաուարետ» Դրամատուն Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Կնքում

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ «Մաուարետ» Դրամատուն Գործընկերութեան Համաձայնագիրի Կնքում

Երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ «Մաուարետ» դրամատունը իրարու հետ կնքեցին գործընկերութեան համաձայնագիր մը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Անոնց կարգին էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին մարզիկները: Իր խօսքին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի ատենապետ Թալին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Անդրանիկ Պէյրութի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը: ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր այս վեցերորդ յաղթանակը նախորդներուն նման արձանագրեց բաւական հանգիստ ձեւով` 62-36 արդիւնքով (11-14, 14-13, 23-7 եւ 14-2): Ինչպէս նկատելի է, հիւր կազմը յաջողեցաւ միայն առաջին երկու...

Մինի-Ֆութպոլ. «Ֆրանսապանք» Տիրացաւ «Պանքօ» Մրցաշարքի Տիտղոսին

«Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած «Պանքօ» մինի-ֆութպոլի ընկերութիւններու եւ դրամատուներու մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը: «Ֆրանսապանք» տիրացաւ տիտղոսին, երբ փենալթիներով (2-1) յաղթեց «Միթսուլիֆթ-ին: Մրցումը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով: Տիտղոսին տիրանալէ բացի, «Ֆրանսապանք» պարգեւ ստացաւ օդանաւային 13 տոմսակ` Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) իր մասնակցութիւնը բերելու համար յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք մինի-ֆութպոլի մրցաշարքին, որ դարձեալ կազմակերպուած է «Սփորթց Մանիա»...

Սամպօ. Հայաստանի Խումբը 4 Մետալի Տիրացաւ Մատրիտի Մէջ

Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի խումբը, որ տիրացաւ 4 մետալի (2 ոսկի, մէկ արծաթ, մէկ պրոնզ), յայտնեց Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մարզական սամպոյի 82 քկ դասակարգին մէջ, պրոնզէ մետալի տիրացաւ Դաւիթ Գրիգորեան, իսկ արծաթէ մետալին` Դաւիթ Պետրոսեան (82 քկ): Ոսկի մետալի տիրացան Սամուէլ Բադալեան (68 քկ) եւ Սերկէյ Կարապետեան...

Ճատրակ. «Կրանտ Չես-Թուր». Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Չորրորդ Դիրքը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, «Կրանտ Չես-Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին գրաւեց չորրորդ դիրքը եւ շահեցաւ 135 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը: Երրորդ դիրքի մրցումին, Արոնեան պարտութիւն մը կրեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանայէն: Տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա` ստանալով 225 հազար ամերիկեան տոլար: Երկրորդ հանդիսացած ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւ ստացաւ 160 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ Քարուանա` 145 հազար ամերիկեան տոլար:

Կռփամարտ. Լէոն Հարթ Ախոյեանութեան Գօտիի Տիրացաւ Գերմանիոյ Մէջ

Գերմանիոյ մէջ հանդէս եկող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Լէոն Հարթ տիրացաւ «ՏԱՊԼԻՈՒ. Պի. Սի.» - Ասիա ախոյեանութեան գօտիին կիսածանր քաշային կարգի տիտղոսին: Գերմանիոյ Օկզպուրկ քաղաքին մէջ իր կատարած մենամարտին, 30 տարեկան Լէոն յաղթեց ռուս` Իպրահիմ Եուրովի, որուն կը պատկանէր այս գօտին: Կիսածանր քաշային կարգի «Այ. Պի. Օ.»-ի - քոնթինենթըլ ախոյեանական գօտիին յաղթած Լէոն Հարթ այսպիսով կատարեց իր 22-րդ արհեստավարժ մենամարտը: Ան...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պաշտօնանկ Ըրաւ Մուրինիոն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: «Ակումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մուրինիոյին` խումբին մէջ իր կատարած աշխատանքին համար, եւ անոր կը մաղթէ յաջողութիւն: Մայքըլ Քարիք իբրեւ ժամանակաւոր մարզիչ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, մինչեւ տարեշրջանին աւարտը: Իսկ ակումբը պիտի սկսի իր փնտռտուքին` նոր մարզիչ մը գտնելու համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: «Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ...

2024-ի Ողիմպիականի Խաղեր. Թոմաս Պախ Կ՛առաջարկէ Բացման Հանդիսութիւնը Կայացնել Էլիզէի Պալատի Դաշտերուն Մէջ

2024-ի Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր հանդիսութիւնը շատ հաւանաբար տեղի ունենայ Էլիզէի պալատի դաշտերուն մէջ: Այս գաղափարը կը յայտնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ: «Ես կը պատկերացնեմ, որ բացման հանդիսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ քաղաքը խորհրդանշող վայրին մէջ, ինչ որ շատ մեծ նշանակութիւն կ՛ունենայ ողիմպիական խաղերուն համար: Կը կարծեմ, որ կազմակերպիչները այս գաղափարին կ՛ընդառաջեն», ըսաւ Պախ: Փարիզի ողիմպիական...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց. Հարտեն Նշանակեց 47 Կէտ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Ճէյմզ Հարտեն Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց, որ հիւրընկալեց Եութա Ճեզը, արձանագրեց 102-97 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հիւրընկալ կազմէն Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 47 կէտ: Շիքակօ Պուլզի դէմ Օքլահոմա Սիթիի արձանագրած յաղթանակին (121-96) մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ, 16 ռիպաունտ, 11 էսիսթ): Թէեւ Թոպիաս...

Թոմաս Վերմայելէն Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պարսելոնայի յետսապահ Թոմաս Վերմայելէն, որ նախորդ շաբաթավերջին Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (16-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, մէկ ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն: Պելճիքային 52-րդ վայրկեանին մրցումը չկրցաւ շարունակել:

Փինկ Փոնկ.  Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց Իր Մարզիկներուն Մրցանակաբաշխութիւնը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց Իր Մարզիկներուն Մրցանակաբաշխութիւնը

Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը իր մարզիկներուն, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մրցումներու ընթացքին արձանագրեցին փայլուն արդիւնքներ: Նախքան հանդիսութիւնը սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ Անթուան Շարթիէի, որուն մահուան չորրորդ տարելիցին էր նոյն օրը: Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ մրցում մը, որուն ընթացքին Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Անդրանիկ Պէյրութը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:45-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը ցարդ իր կատարած հինգ...

Ճատրակ – Ս. Ծննդեան Մրցաշարք. Հրակ Ծատուրեան Եւ Նանոր Արնէլեան` Առաջին. Նայիրի Արնէլեան` Երրորդ

Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, Ֆրերներու վարժարանին մէջ (Ֆըրն Շըպպեքի) տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` տարբեր դասակարգերու մէջ, մասնակցութեամբ` 72 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու: Այս մրցաշարքին Հրակ Ծատուրեան իր դասակարգին մէջ (10 տարեկանէն վար) լաւագոյն արդիւնքը ապահովելով հանդիսացաւ առաջին: Իր կարգին, Նանօր Արնէլեան (14 տարեկանէն վար) տիրացաւ առաջնութեան: Իսկ Նայիրի Արնէլեան (8 տարեկանէն վար) տիրացաւ երրորդութեան: Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Էլի Հուլիշեան:...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Պահրէյն

Երէկ` երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Լիբանանի տղոց ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Պահրէյն` պատրաստուելու համար Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ պիտի սկսի 5 յունուար 2019-ին: Լիբանանի խմբակին (Ե. խմբակ) մէջ են Քաթար, Սէուտական Արաբիա եւ Հիւսիսային Քորէա: Խումբը Լիբանան կը վերադառնայ 27 դեկտեմբերին:  

Page 756 of 1278 1 … 755 756 757 … 1,278

Արխիւներ