2024-ի Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր հանդիսութիւնը շատ հաւանաբար տեղի ունենայ Էլիզէի պալատի դաշտերուն մէջ: Այս գաղափարը կը յայտնէ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ:
«Ես կը պատկերացնեմ, որ բացման հանդիսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ քաղաքը խորհրդանշող վայրին մէջ, ինչ որ շատ մեծ նշանակութիւն կ՛ունենայ ողիմպիական խաղերուն համար: Կը կարծեմ, որ կազմակերպիչները այս գաղափարին կ՛ընդառաջեն», ըսաւ Պախ:
Փարիզի ողիմպիական խաղերուն կազմակերպիչ կոմիտէն իր օրակարգին վրայ ունի «Սեն Տենի» մարզադաշտը: Սակայն Ֆրանսայի մայրաքաղաքին քաղաքապետը կը քննարկէ նաեւ այլ ընտրանքներու տարբերակն ալ:
2024-ի այս խաղերը (26 յուլիսէն 11 օգոստոս) հիւրընկալելու իր պայքարին մէջ, Փարիզ յաղթեց Լոս Անճելըսին (Միացեալ Նահանգներ):