Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի 5-րդ անգամ ըլլալով ստացաւ «ոսկիէ կօշիկ» մրցանակը, որ լաւագոյն կոլ նշանակողին կը տրուի եւրոպական մարզական պարբերաթերթերու ֆետերասիոնին կողմէ:
Նախորդ տարեշրջանին, 31 տարեկան Մեսսի 36 մրցումի ընթացքին նշանակեց 34 կոլ:
Ան առաջին ֆութպոլիստն է, որ 5-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին:



