Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր այս վեցերորդ յաղթանակը նախորդներուն նման արձանագրեց բաւական հանգիստ ձեւով` 62-36 արդիւնքով (11-14, 14-13, 23-7 եւ 14-2):
Ինչպէս նկատելի է, հիւր կազմը յաջողեցաւ միայն առաջին երկու քորթըրներուն քիչ մը ինքզինք պարտադրել, մինչ վերջին երկու քորթըրներուն մրցումին տիրապետողը եղաւ ՀՄԸՄ:
ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ազիա Պիշոփ (13), Միրամար Մըքտատ (8), Ռեպեքա Աքըլ (15), Լէյլա Ֆարես (14), Շիրին Շերիֆ (10) եւ Մեղրի Թորոս (2):
Մրցումին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց խումբը:



