Սպանական մամուլը անցնող քանի մը օրերուն անդրադարձաւ Ռէալ Մատրիտի արժանթինցի մարզիչ Սանթիակօ Սոլարիին` նշելով, որ ակումբին ղեկավարութիւնը դժգոհ է անկէ:
Մոսկուայի Բանակայիններէն («Չեմփիընզ լիկ») խումբին կրած 2 պարտութիւններէն ետք, ղեկավարութիւնը կը կարծէ, որ Սոլարի իր կազմը դաշտ ներկայացնելու մէջ սխալներ թոյլ կու տայ եւ չի կրնար լաւ ընտրութիւն կատարել:
Անոր հետ Ռէալ Մատրիտ կատարեց 11 մրցում: Թէեւ խումբը արձանագրեց 9 յաղթանակ եւ կրեց 2 պարտութիւն, սակայն միջազգային մրցաշարքի մը գծով այդ 2 պարտութիւնները արքայական ակումբին համար կը նկատուին… քիչ մը անմարսելի:



