Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը իր մարզիկներուն, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մրցումներու ընթացքին արձանագրեցին փայլուն արդիւնքներ:
Նախքան հանդիսութիւնը սկսիլը, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախկին նախագահ Անթուան Շարթիէի, որուն մահուան չորրորդ տարելիցին էր նոյն օրը:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա շնորհաւորեց բոլոր մրցանակակիրները` անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Այս մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իրենց վկայագիրները ստացան ՀՄԸՄ-ին մաս կազմող երեք մարզիկներ` Լարա Քեչեպաշեան, Միրէյ Պոյաճեան եւ Աւօ Մունջողլեան:
 
			





