«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի կանոնաւոր ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Ինտիանա Փէյսըրզին, իր յաղթանակը արձանագրեց մրցումին վերջին երկվայրկեանին, կէտի մը տարբերութեամբ` 92-91 արդիւնքով:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 115-110 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պրուքլին Նեթցի դաշտէն, հակառակ անոր որ Լեպրոն Ճէյմս նշանակեց 36 կէտ: Նեթցէն Տանճելօ Ռասըլ նշանակեց 22 կէտ:
Աթլանթա Հոքս յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին (118-110), իսկ վերջին մրցումին Տենվըր Նակեթց` Տալաս Մավըրիքսին (126-118):
Ցարդ ամէնէն արդիւնաւէտ խումբն է արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Թորոնթօ Ռեփթըրզ (23 յաղթանակ, 9 պարտութիւն):


