Շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, Ֆրերներու վարժարանին մէջ (Ֆըրն Շըպպեքի) տեղի ունեցաւ ճատրակի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` տարբեր դասակարգերու մէջ, մասնակցութեամբ` 72 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:
Այս մրցաշարքին Հրակ Ծատուրեան իր դասակարգին մէջ (10 տարեկանէն վար) լաւագոյն արդիւնքը ապահովելով հանդիսացաւ առաջին:
Իր կարգին, Նանօր Արնէլեան (14 տարեկանէն վար) տիրացաւ առաջնութեան:
Իսկ Նայիրի Արնէլեան (8 տարեկանէն վար) տիրացաւ երրորդութեան:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Էլի Հուլիշեան:
Մրցաշարքին մասնակցած չորրորդ լիբանանահայը` Սերճիօ Գասապեան, մրցանակային տեղ չգրաւեց:



