Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի լողարշաւի 14-րդ ախոյեանութեան (25 մեթրնոց լողաւազանի մէջ) իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչները:
Արթուր Բարսեղեան եւ Վարսենիկ Մանուչարեան հանդէս եկան 50 մեթրի ազատ եւ թիթեռնիկի լողի մրցումներուն, Վլատիմիր Մամիկոնեան` 100 մեթրի ազատ լողին, իսկ Անի Պօղոսեան` 100 եւ 200 մեթր ազատ լողի մրցումներուն:
Հակառակ անոր որ անոնք այս ախոյեանութեան մրցանակային դիրքեր չգրաւեցին, սակայն Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայ լողորդները յաջողեցան Հայաստանի օգտին հինգ նոր մրցանիշեր հաստատել:



