
Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ (ՖԻՏԷ) հրապարակուած 2019 տարուան առաջին դասաւորման մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մնաց իր դիրքին վրայ` 10-րդ, իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2767 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Լարսըն (2835): Անոր ետին է Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ, 2828), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Շահրիար Մամետեարով (Ազրպէյճան, 2817):
Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ Հայաստանի հաւաքականի երկու այլ ներկայացուցիչներ` Գաբրիէլ Սարգսեան (53-րդ, 2689) եւ Հրանդ Մելքումեան (90-րդ, 2660):
 
			

