
Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը հաղորդեց, որ Մոնաքօ համաձայնութեան եկաւ Չելսիի հետ` ձեռք ձգելու համար անոր սպանացի միջնապահը` Սեսք Ֆապրեկասը:
31 տարեկան Ֆապրեկաս գրեթէ համաձայն գտնուեցաւ իշխանապետական կազմին հետ երկուքուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելու:
Նկատի ունենալով, որ ան ընտրեց Մոնաքոն, պիտի ստանայ յաւելեալ 10 միլիոն եւրոյի պարգեւավճար մը:
Նշենք, որ Ֆապրեկասով հետաքրքրուած էին նաեւ Ա. Սէ. Միլան, Վալենսիա եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ:


