
Յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին, Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը պատուեց իր ախոյեան մարզիկները, որոնք թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային ախոյեանութիւններու ու մրցաշարքերու ընթացքին տիրացան տիտղոսներու:
Ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ իր եւ ֆետերասիոնին անունով շնորհաւորեց բոլոր ախոյեանները` անոնց մաղթելով նորանոր նուաճումներ` 2019 տարուան ընթացքին կազմակերպուելիք տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին:
Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ լիբանանեան մարզական մամուլին, որ կու գայ միշտ ալ զօրավիգ կանգնելու ֆետերասիոնին:


