
Հակառակ անոր որ եւրոպական կարեւոր երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները արձակուրդի մէջ են, բայց Անգլիոյ մէջ մրցումները կը շարունակուին:
Այսօր` հինգշաբթի, 3 յունուարին, բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ երթի ախոյեան հանդիսացած եւ ցարդ անպարտելի Լիվըրփուլը:
Ինչպէս ծանօթ է, Սիթիի արձանագրած վերջին արդիւնքները այդքան ալ լաւ չեն:
Սակայն ընդհանրապէս իրենց դաշտերուն վրայ մրցումներ կատարող խումբերը կ՛արձանագրեն լաւ արդիւնքներ:
21-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Արսենալ, որ հիւրընկալեց Ֆուլհեմը, 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:


