
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Ուեսթ Համ Եունայթըտ յայտնեց, որ իր կազմին միացուց ֆրանսացի միջնապահ Սամիր Նասրին:
Անգլիական ակումբը անոր հետ կարճատեւ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Ան նախապէս Անգլիոյ մէջ ելոյթ ունեցած է Մանչեսթըր Սիթիի հետ:


