
Ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խուաքին Պօղոսեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Փլասա Քոլոնիու ակումբին հետ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ուրուկուէյի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ:
31 տարեկան Պօղոսեան, որ մաս կը կազմէր Ուանքայօ խումբին (Փերու), երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք դարձեալ կը վերադառնայ Ուրուկուէյ:


