Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ո՛չ Ոք Կը Փափաքի ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Խումբը Տեսնել Գ. Դասակարգին Մէջ

Յունուար 3, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

2018 տարուան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքը եղաւ բաւականին բեղուն, եւ արձանագրուեցան շարք մը նուաճումներ տեղականէն բացի արաբական գետնի վրայ ալ:

Տիտղոսներուն մասին խօսուեցաւ եւ ձեռք ձգուած յաջողութիւններուն անդրադարձ կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի մարզական էջերուն ընդմէջէն:

Վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք ՀՄԸՄ-ի յաջողութիւններուն մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան:

Կայ սակայն այդ փայլուն մետալին միւս կողմն ալ, որ ներկայիս քիչ մը տժգունած կը թուի ըլլալ:

Եթէ պասքեթպոլի մարզին մէջ ՀՄԸՄ ունեցաւ իր ազդու դերակատարութիւնը, անդին լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը «ոսկեայ» տառերով արձանագրած ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով վայրէջք արձանագրելով կը գլտորի անդունդն ի վար: Փաստօրէն խումբը իր այդ անել կացութենէն փրկելու համար կարիքը կայ… հրաշքի:

Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով կրնանք յիշել, որ 2014-ին բաւական ուրախացանք, երբ խումբը Գ. դասակարգէն բարձրացաւ Բ. դասակարգ:

Մեծ էին ակնկալութիւնները, որ ՀՄԸՄ տարի մը կամ երկու տարի ետք դարձեալ պիտի բարձրանայ իր իսկական տեղը` Ա. դասակարգ:

Բայց այժմ խումբը դժբախտաբար կ՛ուղղուի հոն, ուրկէ բարձրացած էր 2014-ին:

Իւրաքանչիւր տարեշրջանի նախօրեակին կը խօսուէր, որ այս տարուան խումբը նախորդներէն ամբողջութեամբ տարբեր է եւ կրնայ Ա. դասակարգ բարձրանալ:

Նոյնը խօսուեցաւ նաեւ այս տարեշրջանի նախօրեակին, երբ ինքնավստահօրէն նշուեցաւ, որ ունինք բաւականին զօրաւոր կազմ մը:

Այս տարեշրջանին երթի մրցումներէն ետք խումբին արձանագրած արդիւնքները կը մնան բաւական մտահոգիչ եւ միեւնոյն ժամանակ տրտմեցնող` բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն համար:

Ցարդ տեղի ունեցած 11 մրցումներէն միայն մէկ յաղթանակ կերտած, մէկ հաւասարութիւն արձանագրած եւ 9 պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ, կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը` առաւելագոյն 33 կէտէն ձեռք ձգելով միայն… 4 կէտ:

Ինչո՞ւ հասանք այս օրերուն: Ինչո՞ւ այդպէս պատահեցաւ: Արդեօք ո՞վ է յանցաւորը այդ ձախողութեան:

Ներկայիս յանցաւոր փնտռելը անօգուտ է: Պէտք է գտնել, թէ ի՞նչ էին սխալ կէտերը եւ ըստ այնմ զանոնք սրբագրել ու գտնել լուծումը:

Դարձի մրցումներուն նախօրեակին, խումբին դիմաց դրուած է մարտահրաւէր մը. այն ինչ որ խումբը չկրցաւ արձանագրել երթի մրցումներուն, պարտի իրականացնել դարձին` ապահովելով առաւելագոյն 33 կէտերը:

Անկարելի բան չկայ: Երբ կայ ՀՄԸՄ-ական ոգին, կարելի պիտի ըլլայ լաւ արդիւնքներու հասնիլ:

2019 տարին պէտք է ըլլայ յաջողութիւններու տարի մը` նաեւ ֆութպոլի մարզին մէջ:

Ոչ ոք կը փափաքի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տեսնել Գ. դասակարգին մէջ:

Յոյսով ենք, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները չեն տխրեցներ իրենց բազմահազար համակիրները եւ կը մնան Բ. դասակարգին մէջ:

 

 

Նախորդը

ՖԻՏԷ. Լեւոն Արոնեան Մնաց 10-րդ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յունուար 2019)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Իր 3-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հեծելարշաւ.  «Ռոտ Ռէյս» Մրցումի Բաժակ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Ռոտ Ռէյս» Մրցումի Բաժակ

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի Ախոյեան

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?